2015-03-27 11:29:00

Ոչ եւս է ` Ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարք` Մար Տինքա Դ։


Տխուր օր մը մեր Եկեղեցւոյ ու Ասորի համայն ազգին համար։

(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 26 Մարտին, Արեւելքի Ասորիներու եկեղեցւոյ կաթողիկոս - պատրիարք` գերերջանիկ Մար Տինքա Դ, իր հոգին աւանդեց առ Հայր։

Լուրը` մեծ վիշտով ու ցաւով` հաղորդեց Ասորի Եկեղեցին, յայտնելով թէ երջանկայիշատակ Պատրիարքը իր մահկանացուն կնքեց,  26 Մարտի առաւօտեան ժամը 10,04-ին­, Միացեալ Նահանգներու Միննէզոթա նահանգի` Rochester քաղաքի ''Մաեօ Քլինիք'' հիւանդանոցին մէջ։ Երջանկայիշատակ Պատրիարքը իր համայն կեանքը նուիրած է Տիրոջ ու եկեղեցւոյ ծառայութեան ի սպաս, հանդիսանալով արժանի հոգեւոր առաջնորդ համայն հաւատացեալներուն համար – կը կարդանք Ասորի Եկեղեցւոյ հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ, որ կ՛եզրափակուի` հայցելով Աստուածային ողորմութիւնը ու ննջեցեալին ընկալումը յաւիտենական կեանքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.